Jump to content

User:Werldwayd/Articles-Test1001

From Wikipedia, the free encyclopedia

This is strictly a personal page for Werldwayd for follow-up on articles I am developing for follow up and eventual publication in Wikipedia Main IGNORE TOP PART

TRANSLATION OF PAGE STARTS HERE

--


Արեւմտահայերէն լեզուի (hyw) էջը հաստատուեցաւ Յունուար 2018ին: Այստեղ առկայ է սահմանափակ փորձարկման նախագիծ: Կը խնդրենք տեսնել ստորեւ բերուած կանոնները:

NOTE TO YOU: FROM HERE PUT IN A GREY BOX PLEASE

Այստեղ կը թոյլատրուի Արեւմտահայերէնի սահմանափակ փորձարկում: Այս փորձարկումը ենթակայ է hետեւեալ կանոններուն:

1. Հնարաւոր ներդրողները նախ պէտք է ստուգեն Հայկական Վիքիպեդիան `տեսնելու, թե արդեօք հայկական էջի արեւմտահայերէն տարբերակը, որ կը ցանկաք ստեղծել, արդէն գոյութիւն ունի թէ չէ Հայկական Վիքիպեդիայի մէջ:

  • Եթէ ​​նման էջ մը արդէն գոյութիւն ունի, ներդրողները պէտք է հոն այդ տեղի էջին վրայ աշխատին եւ ոչ թէ նոր էջ մը ստեղծեն այստեղ:

2. Եթէ ​​Հայկական Վիքիպեդիայի մէջ որեւէ էջ գոյութիւն չունի, ներդրողը կրնայ ընտրել նոր էջ մը հիմնել կամ ​​հոն` Հայկական Վիքիպեդիայի մէջ Արեւմտահայերէնով, կամ ալ այստեղ` Արեւմտահայերէնի Ուիքիփետիա փորձարկման նախագիծի էջերուն վրայ:

  • Այստեղ ստեղծուած էջերը պետք է ունենան նախադիր անունը (Wp/hyw/...), ինչպէս է օրինակ, որեւէ նիւթի բովանդակութիւն Incubator-ի մէջ:

3. Մենք կ՜ակնկալենք, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կը հիմնուի շուտով: Երբ ան ստեղծուի, եթէ կայ նիւթի շուրջ «մրցակից» ցանցի էջեր, այդ պարագային Հայկական Վիքիպեդիային նիւթն է որ նախընտրաբար կը տեղափոխուի հոս Արեւմտահայերէն նախագիծի մէջ: (Բացառութիւն կը տրուի նախընտրելու Արեւմտահայերէն նախագիծի էջին բովանդակութիւնը, եթէ Հայկական Վիքիպեդիայի բովանդակութիւնը շատ աւելի պարզ եւ յակիրճ է, իսկ այստեղ կայ ալ աւելի ամբողջական էջ, ալ աւելի երկար բովանդակութիւն, միայն այս պարագային է որ այստեղի էջը կը տեղափոխուի հոն: Սակայն վերը նշուած առաջին կէտին Ուիքիփետիայի LangCom-ը այն յոյսով է, որ այդ բանը տեղի չունենար:)

  • Հնարաւոր ներդրողները, հետեւաբար, պէտք է յատուկ կերպով տեղեկանան որ եթէ իրենք ժամանակ վատնեն, կրկնուած էջեր արտադրելով Հայկական Վիքիպեդիայի արեւմտահայերէնի էջերէն, իրենց այդ աշխատանքը պիտի զլացուի իրենց եւ իրենց հոս ստեղծած նիւթը զանց պիտի առնուի:

4. Երրորդ կէտը կը վերաբերի կաղապարներուն (templates) եւ module-ներուն, ինչպէս նաեւ ցանցի էջերու բովանդակութեան: Հետեւաբար, ձեզ կը խրախուսենք որ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ստեղծէք միայն նուազագոյն ենթակառուցուածքի կաղապարներ (infrastructure templates), այն ինչ որ անպայման յարկաւոր է ստեղծել ցանցի հիմնական էջերուն համար:

  • Միեւնոյն ժամանակ, զգուշացէք ստեղծելէ նոր կաղապարներ, յատկապէս, եթէ դուք գիտէք, որ համապատասխան կաղապար արդէն գոյութիւն ունի Վիքիպեդիայի մէջ:

5. Կրկնուող անուններով դասերը (category-ները) տրամաբանական են, եւ անոնց բովանդակութիւնը պիտի միաձուլուի:

Եթէ ​​ունիք հարցադրումներ, կրնաք կապ պահել (անգլերէն լեզուով) ինձ հետ: LangCom-ի համար. StevenJ81 (քննարկում) 14:28, 28 Օգոստոս 2018 (UTC)

PLEASE HERE CLOSE THE GREY BOX